Ալմա Եոհանսոն
Ալմա Եոհանսոն | |
---|---|
| |
Ծնած է | 29 Հոկտեմբեր 1880 |
Ծննդավայր | Սթոքհոլմ, Շուէտ |
Մահացած է | 31 Դեկտեմբեր 1974 (94 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Սթոքհոլմ, Շուէտ |
Քաղաքացիութիւն | Շուէտ[1] |
Մայրենի լեզու | շուէտերէն[1] |
Մասնագիտութիւն | միսիոներուհի |
Ալմա Եոհանսոն (29 Հոկտեմբեր 1880, Սթոքհոլմ, Շուէտ - 31 Դեկտեմբեր 1974, Սթոքհոլմ, Շուէտ), միսիոնարուհի։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երիտասարդ տարիքէն նուիրուած է մարդասիրական կրօնական գործունէութեան: Նախաեղեռնեան շրջանին անձնուիրաբար ծառայած է հայութեան:
1901-1915 թուականներուն ծառայած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող գերմանական միսիոնարական հաստատութիւններու եւ որբանոցներու մէջ։
1915-ի աշնան հարկադրուած վերադարձած է Շուէտ:
1920-1922 թուականներուն Կ.Պոլսոյ մէջ օգնած է ջարդերէն եւ տարագրութենէն փրկուած հայ որբերուն ու կարօտեալներուն:
1923-ին անցած է Թեսաղոնիկէ, աշխատած է Շուէտի, նպաստամատոյց հաստատութեան մէջ եւ օգնած՝ հայ գաղթականներուն:
Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես՝ Եոհանսոն գրած է երկու գրքոյկ՝ «Աքսորեալ ժողովուրդ մը» (1930) եւ «Հայ աքսորականներու կեանքը» (1931), որոնք կը վկայեն հայերուն տեղահանութիւնները եւ անոնց վրայ գործադրուած բռնութիւններուն մասը[2]: Առաջինը հայերէնի թարգմանած ու 1980-ին Սթոքհոլմի մէջ հրատարակած է Պետրոս Զարդարեանը:
Ինչպէս այս գիրքերուն, այնպէս ալ գերմանական եւ ամերիկեան դիւանագէտներուն յղած իր տեղեկագիրներուն մէջ Եոհանսոն իբրեւ ականատես կը խօսի հայերու տեղահանութեան, Օսմանեան կայսրութեան մէջ թրքական իշխանութիւններու` հայերու դէմ իրագործած ոճրագործութիւններուն մասին կը նկարագրէ ջարդերէն փրկուած հայ գաղթականներու եւ որբ մանուկներու ծանր վիճակը:
1941-ի վերջերուն, Յունաստանի ֆաշիստական զինագրաւումէն ետք, երբ անհնար էր շարունակել մարդասիրական գործունէութիւնը, Եոհանսոն վերադարձած է Շուէտ: Սակայն շարունակած է իր սերտ յարաբերութիւնները հայերուն հետ. ան տիրապետած է հայերէն լեզուին:
Ալմա Եոհանսոնի եւ այլ եւրոպացի չորս մարդասէր կանանց կեանքին ու գործունէութեան մասին կը պատմէ 2015-ին նկարահանուած «Փրկութեան քարտէս» ֆիլմը:
Ալմա մեռած է Սթոքհոլմ, 1974-ին:
21 Ապրիլ, 2011-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մօտ գտնուող յուշապատին մէջ կ'ամփոփուի Ալմա Եոհանսոնի գերեզմանէն բերուած հողով լեցուն սափորը: Արարողութեան ներկայ կը գտնուին Շուէտի խորհրդարանի երեսփոխաններ[3]:
Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկը 2008-ին կը հրատարակէ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Ալմա Եոհանսոնի յուշագրութիւնները` հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
|
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։ |