Jump to content

Արածանի

Արածանի
Բնութագիր
Արածանի Գետը

Արածանի, գետ հայկական լեռնաշխարհին մէջ։ Հին յունա-հռոմէական աղբիւրներուն մէջ կոչուած է «Արսանիաս» (լատ.՝ Arsanias), ներկայիս թուրքերը կը կոչեն՝ Մուրատ (թուրք.՝ Murat Nehri)։ Կոչուած է նաեւ արեւելեան Եփրատ, Արզանիա(ս), Արսինէս եւ այլն[1]։ Միանալով արեւմտեան Եփրատին՝ կ'առաջացնէ Եփրատ գետը։ Երկարութիւնը 722 քմ. է, աւազանը՝ 40000 քմ2։ Հին ժամանակներուն, գետը ամբողջութեամբ հոսած է Մեծ Հայքի թագաւորութեան տարածքով։ Ներկայիս կը հոսի Թուրքիոյ տարածքով։

Հին մատենագիրները Արածանին կը յիշեն իբրեւ ինքնուրոյն գետ եւ ո՛չ իբրեւ Եփրատի վտակ։ Սկիզբ կ'առնէ Ծաղկանց լեռներու հիւսիսային մասէն՝ մօտ 3060 մ. բարձրութենէն։ Վերին հոսանքին մէջ կ'անցնի խոր կիրճով դէպի հիւսիս, ապա հիւսիս-արեւմուտք, դուրս կու գայ Ալաշկերտի դաշտ եւ կը հոսի հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ։ Արածանիի գլխաւոր վտակներն են՝ Բագրեւանդը, Խնուսը, Բիւրակնը (աջէն), Մանազկերտը, Մեղրագետը, Ճապաղջուրը (ձախէն)։ Կը յորդի Ապրիլ-Մայիսին, դաշտային մասերուն մէջ կ'ողողէ շրջակայ տարածութիւնները. ցած մակարդակը՝ Յուլիս-Օգոստոսին։ Ձմռան՝ կը սառի։ Թերեւս ուրարտական ժամանակներէն կ'օգտագործուի ոռոգման նպատակներով։

Արածանիի աւազանին մէջ կը գտնուին Վաղարշակերտ, Մուշ, Բալու, Խարբերդ քաղաքները։ Արածանին, որուն հովիտը հայ ժողովուրդի բնօրրաններէն է՝ Հայաստանի սրբազան պաշտամունքի գետն է։ Անոր ակունքներուն մօտ կը գտնուէր հայոց զօրքի գլխաւոր բանակատեղին՝ Շահապիւանը, ուր կը գումարուէին աշխարհաժողովներ եւ կը կատարուէին Նաւասարդի տօները։

Ք.Ա. 68-ին, Արածանի ափին տեղի ունեցած է Արածանիի ճակատամարտը՝ հայոց եւ հռոմէական զօրքերուն միջեւ։ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պաշտօնական կրօնք հռչակուելէն ետք, Արածանիի մէջ մկրտուած են հայոց թագաւոր՝ Տիգրան Գ., զօրքը եւ ժողովուրդը։

Արածանի աւազանի բնակչութիւնը մինչեւ Մեծ Եղեռն, հիմնականին մէջ կը կազմէին հայերը։ Ըստ անոնց մեջ տարածուած աւանդութեան, Արածանիի հովիտին մէջ եղած է դրախտը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յակոբեան Թ. Խ., Մելիք-Բախշեան Ստ. Տ., Բարսեղեան Հ. Խ., Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հ. 1 [Ա-Գ] (խմբ. Մանուկեան Լ. Գ.), Երեւան, «Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն», 1986, էջ 385։