Jump to content

Արսուֆի Ճակատամարտ

Արսուֆի Ճակատամարտ
Երրորդ խաչակրաց արշաւանք
Արսուֆի ճակատամարտ
Թուական 7 Սեպտեմբեր, 1191
Վայր Արսուֆ, Պաղեստին
Արդիւնք Խաչակիրներու յաղթանակ
Հակառակորդներ
Խաչակիրներ
Տաճարականներու Միաբանութիւն
Հիւանդախնամներու Միաբանութիւն
Այուպեաններ
Հրամանատարներ
Ռիչարդ I Առիւծասիրտ
Ռոբեր դը Սաբլե
Գարնիե դը Նապլուզ

Գի դը Լուզինեան
Սալահ ալ-Տին
Կողմերու ուժեր
40 հազ․[1] 50 հազ․
Կորուստներ
մօտ 700 7 հազ.

Արսուֆի ճակատամարտ, Երրորդ խաչակրաց արշաւանքի ժամանակ տեղի ունեցած ռազմական ընդհարում։ Տեղի ունեցած է 7 Սեպտեմբեր 1191-ին՝ Ռիչարտ I Առիւծասիրտի գլխաւորած խաչակիրներու 40 հազարնոց բանակի եւ Սալահ ատ Տինի գլխաւորած իսլամներու 50 հազարնոց զօրքի միջեւ՝ Արսուֆ քաղաքի մօտ։

Նախապատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աքքայի պաշարման բարեյաջող աւարտէն ետք, Յունիս 1191-ին Ռիչարտ ընդունեց գերագոյն գլխաւորութիւնը խաչակիրներու միասնական ուժերու նկատմամբ։ Անոր հիմնական նպատակը կը մնար Երուսաղէմի նուաճումը, սակայն անոր համար անհրաժեշտ էր ամրապնդել դիրքերը Աքքայի մէջ։

Մարտի նախապատրաստում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան որոշեց վճռական մարտ կատարել Սալահ ատ Տինի դէմ։ Ան տակաւին չէր մոռցած Հաթթինէն քաղած դասերը, երբ խաչակիրները պարտուեցան սաստիկ տաքի եւ ջուրի պակասի հետեւանքով։ Այդ իսկ պատճառով, իր զօրքերը միայն ցերեկային ժամերուն կը շարժէին, իսկ տաքին կանգ կ'առնէին ջուրի աղբիւրներու մօտ[2]: Ամբողջ ընթացքին անոնց կ'ուղեկցէր նաւատորմը, նաւերէն ջուր եւ սննդամթերք կը մատակարարէին, իսկ հիւանդները կը փոխադրէին նաւեր։ Ռիչարտի հրամանի համաձայն, զօրքերը կանոնաւոր կը շարժէին եւ միայն շարքը պահած։ Նպատակը իսլամներու գիշերային ասպատակութիւններու ժամանակ զոհերու քանակը նուազացնելն էր։ Հետախոյզներէն Ռիչարտը տեղեկացաւ, որ անտառներուն մէջ հաւաքուած է Սալահ ատ Տինի ամբողջ զօրքը։ Արաբ ժամանակագիր Պահա ատ Տին իպն Շատտատը նկարագրած է տեգերու եւ արաբական նետերու տարբերութիւնները, ըսելով որ իրենց նետաձիգները անդադար քրիստոնեաներուն կը կրակեն աջ եւ ձախ թեւերը, սակայն ապարդիւն, քրիստոնեաներու զրահները զանոնք անխոցելի կը դարձնէին, կային զինուորներ, որոնց մէջքին կային տասնեակ նետեր, սակայն անոնք կը շարունակէին մարտնչիլ եւ ոչինչ կը խանգարէին, մինչդեռ ծառայորդները կը վնասէին ձիերուն և մարտիկներուն[3]:

Զօրքերու դասաւորումը եւ մարտի ընթացքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հետախոյզներէն տեղեկեկութիւններ ստանալէ ետք, Ռիչարտ սկսաւ պատրաստուիլ, մարտի առաջնագիծին կանգնեցուց տաճարականներուն Ռոպեր տը Սապլէի գլխաւորութեամբ անոնց կը հետեւէին Ռիչարտի անձնական ուժերը եւ Երուսաղէմի թագաւորութեան զօրքերը Գի տը Լուզինեանի ղեկավարութեամբ։ Թիկունքը կը պահէին հիւանդախնամներու միաբանութիւնն ու ֆրանսացի զինուորները[4] : Խաչակիրները դէպի հարաւ կ'երթային, իսկ իսլամները յարձակեցան թիկունքի վրայ։ Արաբ ժամանակագիր Ամբռուազը իր «Սրբազան պատերազմի պատմութիւնը»[5] մատեանին մէջ կը գրէ, որ Սալահ ատ Տինի բանակի հետեւակայինները բաղկացած էին սուտանցիներէ եւ պետուիններէ, թեթեւ հեծելազօրը թուրքերէ եւ սուրիացիներէ, իսկ ծանր հետեւակայինները մամլուքներ էին։ Վերջինս ուղղեց իր նետաձիգները յարձակման ծանր ասպետներու վրայ, որպէսզի անոնք վատ դիրքի պատճառով թուլցնէին կարգապահութիւնը եւ խոցուէին իսլամներու հեծելազօրին կողմէ։ Ռիչարտը կռահեց վերջիններուս մտայղացումը եւ նիզակակիրներուն հրամայեց առաջ դուրս գալ եւ նիզակներէն «պատ» կազմել, անոնց միջեւ տեղադրեց տեգակիրներու պատասխան կրակոցի նպատակով, իսկ իր ասպետները ուղարկեց վերջիններուս պաշտպանելու։ Արաբ նետաձիգներու կրակոցները լուրջ վնաս չէին հասցներ մարտերու ընթացքին կոփուած քրիստոնեաներուն։

Գյուստավ Դորե, Արսուֆի ճակատամարտը. Ռիչարդ Առյուծասիրտ

Աւելի շատ վնաս կը կրէին հիւանդախնամները, որոնք տեղակայուած էին շարքի վերջը։ Սալահ ատ Տինը իր զօրքերը ոգեւորելու նպատակով շարժեցաւ գրոհի: Ան ինքզինքը մեծ վտանգի կ'ենթարկէր՝ տեգակիրներու կողմէ սպաննուելու իմաստով։ Ռիչարտ իր զօրքերուն հրահանգած էր սպասել իր ազդանշանին՝ յարձակելու համար, սակայն հիւանդախնամներու միաբանութեան առաջնորդ Գրանյէ տը Նապլուզը հակառակորդի հերթական գրոհէն ետք զայրացած յարձակեցաւ իսլամներու վրայ։ Ռիչարտ հասկնալով, որ կարգը խախտեցաւ, ամբողջական ուժերով գրոհի նետուեցաւ։ Իսլամներու կազմակերպուած պաշտպանութենէն անմիջական անցումը յարձակման, խուճապի մատնուեցաւ եւ սկսաւ նահանջել։ Պահա ատ Տինը, որ պատերազմի մասնակից կը հանդիսանար, յետագային իր աշխատութիւններուն մէջ գրած է, որ իրենք ջախջախուեցան, սակայն Սալահ ատ Տինը յոյսը դրած էր, որ իր հեծեալները անկազմակերպ խաչակիրներու գրոհներուն կը պատասխանեն հակագրոհներով եւ կը յաղթեն, սակայն Ռիչարտը կանխատեսելով դէպքերու նման զարգացումը, հրամայեց վերականգնել շարքը: Սալահ ատ Տինի հակագրոհները անյաջողութեան մատնուեցան։

Պարտութենէն ետք, Այուպեանները կը խուսափէին բաց մարտեր կատարելէ քրիստոնեաներուն դէմ։ Ռիչարտ շարունակեց ճամբան դէպի Եաֆա։ Չնայած Եաֆայի ճակատամարտի ընթացքին տարած յաղթանակին, Ռիչարտը չհասաւ իր գլխաւոր նպատակին՝ գրաւել Երուսաղէմը։

  1. René Grousset, Histoire des croisades et du royaume franc de Jérusalem - III. 1188-1291 L’anarchie franque, Paris, Perrin, 1936 (réimpr. 2006)
  2. Перну Р. Ричард Львиное Сердце = Richard Cœur de Lion / Пер. с фр. А. Г. Кавтаскина; вступ. ст. А. П. Левандовского. - М.: Молодая гвардия, 2009. - 232 с. - 3000 экз. - ISBN 978-5-235-03229-3.
  3. Gillingham, John (1978). Richard the Lionheart. London: Weidenfeld & Nicolson. ISBN 0-297-77453-0.
  4. Angus Konstam: Die Kreuzzüge. Tosa Verlag, Wien 2001. S.127,144-145.
  5. Oman, Charles William Chadwick. (1924) A History of the Art of War in the Middle Ages Vol. I, 378-1278 AD. London: Greenhill Books; Mechanicsburg, Pennsylvania: #Stackpole Books, reprinted in 1998.
  6. Baha' Al-Din Yusuf Ib Ibn Shaddad, trans. C.W. Wilson (1897) Saladin Or What Befell Sultan Yusuf. Reprinted: Kessinger Publishing, 2004.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. A. Konstam. Die Kreuzzüge. - S. 144
  2. Oman, pp. 309-310
  3. Oman, p. 309
  4. Oman, стр 311-312
  5. Ambroise, «Estoire de la guerre sainte»

Կաղապար:Խաչակիրների ճակատամարտերը Մերձավոր Արևելքում